Դիցաբանութիւն

Դիցաբանութիւնը «դից»երու՝ աստուածներու պատմութիւնն է, Հեթանոսական շրջանի մարդոց կեանքն է:

Պատմութեան հնագոյն շրջաններուն, երբ ժողովուրդներ զարգացման նախնական մակարդակի վրայ կը գտնուէին, երեւակայական պատկերացումներու միջոցով ձգտած են բացատրել բնութեան, մարդկային հոգիին եւ ընկերային կեանքին այլազան երեւոյթները: Այսպէս, իրենց երեւակայութեան մէջ անոնք ստեղծած են գերբնական էակներ, աներեւոյթ ոգիներ, աստուածներ, աստուածուհիներ, եւ զանոնք նկատած են ստեղծիչներն ու ղեկավարները տիեզերքին ու մարդկային կեանքին: Անոնց համար կառուցած են մեհեաններ եւ պաշտած զանոնք:

Ծագումնաբանութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Դիցաբանութիւն եզրը պատմութեան մէջ ընդհանրացած է առասպել բառէն դարեր առաջ։ Առաջին անգամ անիկա ի յայտ եկած է ԺԵ. դարուն եւ փոխ առնուած է միջին ֆրանսերէնի դիցաբանութիւն եզրէն։

Դիցաբանութիւն բառը («առասպելներու մեկնաբանութիւն») ծագած է միջնադարեան, ուշ լատիներէն, յուն․՝ μυθολογία mythología (առասպելական գիտելիքներ, առասպելներու մասին պատմութիւններ, հեքիաթներ), μῦθος – միֆոս («առասպել») եւ Λογική – լոքիա («գիտութիւն») բառերէն [1][2]։ Երկու եզրերն ալ թարգմանուած են Ե. դարու վերջը եւ Զ. դարու սկիզբը, լատիներէնով ստեղծագործող հեղինակ Ֆապիուս Փլանքիատես Ֆուլկենթիուսի (Fabius Planciades Fulgentius) դիցաբանութիւններէն (լատ. Mitologiarum libri III), որոնք առասպելներու բարոյախօսական մեկնաբանութիւններ էին: Անոնք կը յիշուին իբրեւ դասական դիցաբանութիւն[3][4]։

«Դիցաբանութիւն» բառին (μυθολογία) կարելի է հանդիպիլ նաեւ Պղատոնի գործերուն մէջ, սակայն, անիկա կ'օգտագործուի իբրեւ ընդհանուր եզր:

Դիցաբանութեան ձեւաւորումը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Դիցաբանութեան ձեւաւորման համար կարեւոր նշանակութիւն ունեցած են՝ ֆեթիշիզմը, թոթեմիզմը եւ ոգեպաշտութիւնը։ Սկզբնական շրջանին դիցաբանութիւնը ըստ էութեան ձուլուած է այդ պատկերացումներուն մէջ։ Հետագային, մարդկութեան զարգացման ընթացքին, աստիճանաբար յառաջացած են տարբեր ժողովուրդներու մարդակերպ աստուածներու համազգային դիցաբանները։

Նիւթական անհաւասարութեան զարգացման ու դասակարգերու յառաջացման զուգընթաց, աւելի խորացած է գլխաւոր եւ երկրորդական աստուածներու տարբերութիւնը եւ ընդգծուած է անոնց նուիրապետութիւնը։ Աստուածները եւ կիսաստուածները (հերոսները) մարմնաւորելով բնութեան որեւէ տարր, միաժամանակ ձեռք բերած են ընդհանրական-բարոյական նշանակութիւն՝ խորհրդանշելով չարին ոչնչացումը, բարին, գեղեցիկը, հերոսականը եւ հասարակական կարգը։

Այդ գաղափարները կ'արտայայտեն բաբելական Մարդուկը, հնդկական Ինտրան, յունական Զեւսը, Պրոմեթեւսը, Ափրոդիտէն, Հերակլէսը, հայկական Վահագնը, Հայկը, Անահիտը եւ այլն։ Վաղ դասակարգային հասարակարգերուն մէջ դիցաբանութիւնը դարձած է կրօնական, ընկերա-քաղաքական, գեղագիտական, բարոյական եւ փիլիսոփայական գաղափարներու արտացոլման այլաբանական ձեւ։ Սակայն հետագային, բնութեան եւ հասարակութեան օրինա–չափութիւններուն ճանաչման զուգընթաց, դիցաբանութիւնը աստիճանաբար տեղը զիջած է հասարակական գիտակցութեան միւս ձեւերուն։ Գրեթէ բոլոր ժողովուրդներն ալ ունեցած են դիցաբանական զանազան ըմբռնումներ, վերացման ու զարգացման տարբեր հանգրուաններուն ստեղծուող դիցաբանութիւններ։

Դրացի ժողովուրդներու դիցաբանական պատկերացումները յաճախ ազդած են իրարու վրայ, տեղային, պարզունակ համոզումներէն անցում կատարուած է աւելի համապարփակ արժէք ներկայացնող գաղափարներուն։

Համաշխարհային դիցաբանութեան կատարեալ, դասական արտայայտութիւնը յունականն է, որ ժամանակին գրառուած է, ստացած համակարգուած եւ ամբողջական բնոյթ։ Բոլոր ժամանակներուն, յատկապէս հին արուեստագէտներու ու գրողներու ստեղծագործութիւններուն մէջ արտացոլուած են դիցաբանական կերպարներն ու առասպելները։

Զեւսի արձանը

Մշակութային, պատմաճանաչողական մեծ արժեք կը ներկայացնեն Հոմերոսի, Էսքիլեսի, Եւրիպիթեսի, Ֆիտիասի եւ ուրիշներու ստեղծագործութիւնները։ Դիցաբանութիւնը սնած են շարք մը յառաջադիմական ընկերաքաղաքական շարժումներ եւ գաղափարական հոսանքներ։ նոր պղատոնականութիւնը, միջնադարեան կրօնական որոշ աղանդներն ու հակաաւատապետական գիւղացիական շարժումները, ինչպէս նաեւ գեղանկարչութիւնը, թատրոնը, Վերածննդեան մարդկայնապաշտութիւնը, նոյնիսկ արդի արուեստի որոշ, տարրեր ծագումնաբանութեամբ կ'առնչուին դիցաբանութեան հետ։

Դիցաբանութիւնը յաճախ նոյնացած է կրօնին, համարուած է կրօնի ստորին աստիճան կամ, ընդհակառակը, հակադրուած է անոր։ Պատմականօրէն դիցաբանութիւնը աղերս ունի նախնական կրօններու հետ (եւ կը պարունակէ կրօնի որոշ տարրեր)։ Տեսականօրէն այս ընդհանրութիւնը կը բացատրուի անով, որ ե'ւ դիցաբանութիւնը, եւ' կրօնը մարդու վրայ իշխող արտաքին ուժերու երեւակայական արտացոլումն են։ Դիցաբանութեան եւ կրօնի աղերսներու վկայութիւնն է նաեւ այն, որ դիցաբանական մտածողութեան, աշխարհի դիցաբանական իմաստաւորման ու գնահատականին հետ կապուած է նաեւ աստուածներու պաշտամունքը, մարդիկ կառուցած են աստուածներուն նուիրուած տաճարներ, կանգնեցուցած են անոնց արձանները, զոհեր մատուցած են եւ կազմակերպած են յատուկ տօնախմբութիւններ։

Դիցաբանութեան քննական վերլուծութիւնը կապուած է փիլիսոփայական մտածողութեան ձեւաւորման հետ (Քսենոֆոն, Պղատոն, Արիստոտէլ եւ, յատկապէս՝ Եւգեմերոս), երբ մշակուած են այլաբանական մեկնողական ձեւի սկզբունքները։ Այս մօտեցումը հայ իրականութեան մէջ շարունակած են Մար Աբաս Կատինա Մծուրնեցին, Եզնիկ Կողբացին, Եղիշէն, Մովսէս Խորենացին, Գրիգոր Մագիստրոսը եւ ուրիշներ։

Դիցաբանութեան գիտական ուսումնասիրութիւնը սկսած է Վերածննդեան շրջանին։ Դիցաբանութեան պատմական ըմբռնումը ԺԸ. դարուն առաջադրած է իտալացի փիլիսոփայ Վիքօն (Giambattista Vico)։ Դիցաբանութեան ուսումնասիրութեան, պատմամշակութային արժէքներու վերհանման գործին մէջ ներդրում ունին վիպապաշտութեան ու դիցաբանական դպրոցի (ԺԹ. դար) ներկայացուցիչները։

Արդի քաղքենիացած տեսութիւնները դիցաբանութիւնը կը բացատրեն մարդոց հոգեբանական, սեռային, մտաւոր, կրօնական, գիտական եւ նման գործողութիւններով եւ ունակութիւններով։ Մինչդեռ մարքսիզմը դիցաբանութիւնը կը համարէ մշակութային-պատմական երեւոյթ մը եւ անոր յառաջացումն ու զարգացումը կը հիմնաւորէ ընկերա-տնտեսական այն պայմաններով, որոնց մէջ կը յառաջանայ հոգեւոր մշակոյթը, ինչպէս նաեւ՝ դիցաբանութիւնը։

Ուրարտական դիցաբանութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Նախնադարեան կրօնական հաւատալիքները, պաշտամունքն ու դիցաբանական ըմբռնումներու զարգացումը նպաստած են ուրարտական դիցարանին ու մարդակերպ աստուածներու պաշտամունքին ձեւաւորման։

Գերագոյն աստուած Խալդիին գլխաւորութեամբ, Թէյշեպա եւ Շիվինի աստուածները կազմած են ուրարտական դիցարանին գերագոյն աստուածներուն եռեակը։ Արձանագրութիւններուն մէջ կը յիշատակուի նաեւ այլ աստուածներու (աստուածուհիներու) մասին։

Կրօնապաշտամունքային եւ դիցաբանական այսպիսի աւանդոյթներու եւ հայ ժողովուրդի կազմաւորման ու հայ պետականութեան յառաջացման պայմաններուն մէջ աստիճանաբար ձեւաւորուած է հայկական դիցաբանութիւնը, ծնած է առասպելական պատկերացումը ցեղային եւ վաղ հայկական աստուածներու՝ Հայկի, Արայի, Վահագնի եւ Տորք Անգեղի մասին։

Աքեմենեան տիրապետութեան ընթացքին, հայկական դիցարանը մասամբ ենթարկուած է իրանական ազդեցութեան։ Հետագային (Ք.Ա. շուրջ 4-րդ դարու վերջը եւ 3-րդ դարու սկիզբը) հայկական դիցաբանութիւնը աւելի է ամբողջականացած եւ համակարգուած է, իսկ դիցարանին աստուածները (Արամազդ, Անահիտ, Աստղիկ, Վահագն, Միհր, Նանէ, Տիր) միաւորուած են ազգակցական ընդհանուր կապերով եւ նուիրապետութեան ուրոյն սկզբունքով։

Վահագնի արձանը Երեւանի մօտակայքը

Հայկական Դիցաբանութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայկական դիցաբանութիւնը գրի չէ առնուած. անկէ մեզի հասած են փշրանքներ միայն՝ ցրուած մեր մատենագրութեան էջերուն մէջ:

Համաշխարհային դիցաբանութեան մէջ ուրոյն տեղ կը գրաւէ հայկական դիցաբանութիւնը։ Դարեր գոյատեւած հայկական դիցաբանութիւնը իր դրոշմը ձգած է մարդոց մտածողութեան եւ աշխարհայեացքին ձեւաւորման վրայ։ Այդ իսկ պատճառով հայոց դիցաբանական ըմբռնումները գոյատեւած են նաեւ քրիստոնէութեան շրջանին։ Բացառիկ արժէք կը ներկայացնեն հայկական դիցաբանութեան վերաբերող այն կցկտուր տեղեկութիւնները, որոնք պահպանուած են Ագաթանգեղոսի, Մովսէս Խորենացիի, Զենոբ Գլակի, Փաւստոս Բիւզանդի եւ ուրիշ հայ ու օտար (Ստրաբոն, Պլուտարքոս) մտածողներու ու պատմիչներու աշխատութիւններուն մէջ։ Հայոց տիեզերագոյացութեան, դիցաբանական հնագոյն պատկերացումներու մասին գաղափար կու տայ նաեւ «Սասունցի Դաւիթ» դիւցազնավէպը։ Ըստ Մանուկ Աբեղեանի եւ Յովսէփ Օրբելիի, Ծովինարին, Սանասարին, Քուռկիկ Ջալալիին, Մեծ ու Փոքր Մհերներուն եւ Դաւիթի կերպարներուն մէջ առկայ են տիեզերական տարրեր, անոնք երկնային երեւոյթներու եւ ամպրոպի (կայծակի) աստուածութեան տարբեր մարմնաւորումներն են։

Հայկական դիցաբանութեան ուսումնասիրութիւնը սկսած է ԺԹ. դարէն (Ղուկաս Ինճիճեան, Մեսրոպ Թաղիադեան, Ղեւոնդ Ալիշան, Մկրտիչ Էմին, Կարապետ Կոստանեան, Օկիւսթ Քարիեր, եւ ուրիշներ)։ Մկրտիչ էմին, հետագային նաեւ Գրիգոր Ղափանցեան, Մանուկ Աբեղեան եւ այլ մտածողներ հայկական դիցաբանութեան ծագումն ու զարգացումը բացատրած են բուն Հայաստանի եւ Առաջաւոր Ասիոյ ժողովուրդներու հոգեւոր մշակոյթին եւ դիցաբանական ըմբռնումներուն զարգացման ընդհանուր օրինաչափութեամբ։

Մեզի հասած օտար դիցաբանութիւններու հետ բաղդատականներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արամազդ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Իրիս եւ Ճիուփիթըր

Հայկական Արամազդը իր յատկանիշներուն մէկ մասով կը համապատասխանէ վրացական Արմազին, յունական Զեւսին, հռոմէական Ճիուփիթըրին, հնդկական Ինտրային եւ պարսկական Ահուրամազտային:

Հայերուն կողմէ Արամազդի շնորհուած ստորոգելիները զինք կը դարձնեն ո'չ միայն ամէնագէտ աստուածներու հայր, այլեւ՝ աստուածներու ստեղծիչ: Իր յատկանիշներուն մէջ կը հանդիպինք նաեւ էակ իմաստուն, Տէր իմաստուն, սուրբ, անմահ, պաշտելի, հոգի սուրբ (կենարար), երկինքի եւ երկիրի ստեղծիչ, երկիրին լիութիւն եւ պարարտութիւն պարգեւող արտայայտութիւններուն:

Արամազդի գլխաւոր բագինը Բարձր Հայքի Դարանաղեաց գաւառի Անի ամրոցին մէջ եղած է: Անին, հետագային Արշակունի թագաւորներուն դամբարանը եղած է: Արամազդի բագիններ գտնուած են նաեւ վասպուրականի Անձեւացեաց գաւառին մէջ:

Արամազդ, ըստ աւանդութեան, կին չէ ունեցած, սակայն, երկու դուստր եւ մէկ արու զաւակ ունեցած է: Իր երկու դուստրերն են՝ Անահիտ-Աստղիկ եւ Նանէ, իսկ արու զաւակը՝ Միհր:

Անահիտ-Աստղիկ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Անահիտ

Անահիտ եւ Աստղիկ անուններուն տարբեր յատկանիշներ կապուած են, սակայն ինչպէս աւանդութեան մէջ կ'երեւի, Անահիտ եւ Աստղիկ միեւնոյն անձնաւորութեան տարբեր երեսներն են:

Անահիտ աստուածուհին, յատկանիշներուն մէկ մասով կը համապատասխանէ յունական Արտեմիսին, հռոմէական Տիանային, եւ պարսկական Անահիտային:

Անահիտ հետեւեալ յատկանիշներով օժտուած է.

  • Ան մայրն է ամենայն զգաստութեան եւ խորհրդանիշն է առաքինութեան:
  • Ան հայ ժողովուրդին փառքն է եւ կեցուցիչ խնամակալը: Իբրեւ այդպիսին, ան միաժամանակ մեծ տիկին է: Տիկին հասկացողութեամբ մեր նախնիները բարձրատոհմիկ եւ ազնուազարմ կին կը հասկնային: Անահիտին բագինը Եկեղեաց գաւառի Երիզու աւանին եւ Արտաշատ քաղաքին մէջ եղած է: Տուրուբերան գաւառին Տարօն աւանին մէջ եւս, պեղումներու ընթացքին գտնուած են իր բագինները:

Վերջին այս տեղեկագրութենէն եւ Անահիտի մէկ այլ յատկանիշէն դատելով, Անահիտ եւ Աստղիկ դիցուհիներուն միեւնոյն աստուածուհին ըլլալու վարկածը կը հաստատուի: Աստղիկին բագինները առաւելաբար Տուրուբերան գաւառին մէջ եղած են:

Անահիտ, իր միւս յատկանիշներուն կողքին, իբրեւ խնամակալ տիկին, եղած է նաեւ պտղաբերութեան եւ սիրոյ դիցուհի, ինչպէս նաեւ պտղաբերութեան գաղափարէն անխզելի՝ Ջուրի աստուածուհի:

Ահա այս ստորոգելիները չափազանցութեան տանելով, կ'ունենանք Աստղիկ դիցուհիին յատկանիշները:

Աստղիկը ճանչցուած է իբրեւ սիրոյ, գեղեցկութեան եւ քաջութեան աստուած՝ Վահագնի կինը: Ըստ աւանդութեան, ան ամէն գիշեր կը լողար Եփրատ գիտին մէջ: Երիտասարդները խարոյկ կը վառէին, որպէսզի դիտէին գեղուհին: Սակայն Աստղիկ միշտ Տարօնի դաշտը կը պատէր մշուշով, որպէսզի օտար աչքեր չտեսնեն զինք:

Մեր նախնիները կը սիրէին Աստղիկ դիցուհին: Անոր տօնը կը կատարէին ամրան կէսերուն, մեծ հանդիսութիւններով: Կ'երգէին, կը պարէին, կ'աղօթէին, իրարու վրայ ջուր կը սրսկէին եւ այդ առիթով, զիրար սիրող զոյգեր իրարու վրայ վարդ կը նետէին:

Այս տօնը կը կոչուէր Վարդավառ, ինչ որ կը մնայ մինչեւ այսօր, անցեալի իր տոհմիկ սովորութիւններով:

Նանէ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Նանէ աստուածուհին, իր յատկանիշներուն մէկ մասով, Յոյներու Աթենաս, Վրացիներու Նինա Տա նանա եւ Աբխազներու Նան Անա աստուածուհիներուն կը համապատասխանէ:

Յունարէնով «Նաննա» կը նշանակէ յաւերժահարս, յաւիտենական կին կամ ծննդաբերութեան ոգի: Պարսկերէնով «Նան» հաց կը նշանակէ: Եթէ հացը ընդունինք իբրեւ տան մը տնտեսութեան հիմը կազմող տարր, ահաւասիկ, հայ տան աւանդութեան մէջ ճանչցուած հայ կնոջ դերը կը գտնենք Նանէի մէջ:

Նանէի բուն յատկանիշը հնարագիտութիւնն է: Անոր անունին կապուած են «Հնարագէտ Տնտեսուհի»ի, մայրութեան եւ սնուցման գաղափարները: Հայ ընտանիքին մէջ, անիկա աւանդականօրէն մօր, տնտեսութեան ղեկավարի, միաժամանակ ծննդաբեր տարրի եւ ստնտուի դերերը կը կատարէ: Նանէին բագինը Թիլ աւանին մէջ էր:

Նանէով կ'ամբողջանայ հայ իրականութեան մէջ կնոջ վերապահուած դերերու շարանը: Ինչպէս մեր պատմութիւնը ինքնին կը վկայէ, կնոջ պատկերացումը շատ ալ տարբեր չէ եղած վերոյիշեալ տուեալներէն, որոնց մէջ Անահիտ ու Աստղիկ նոնյպէս կարեւոր դեր կը խաղան: Նոյնիսկ մեր օրերուն, հայ տանտիկինը այս բնորոշումներով կը ներկայացուի:

Վահագն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Վահագն սիրոյ, գեղեցկութեան, բայց յատկապէս քաջութեան աստուածն է: Ան նաեւ, հայ երիտասարդներուն քաջութիւն կը պարգեւէ: Վահագն կոչուած է նաեւ «Ամպրոպային աստուած»:

Յունական դիցաբանութեան մէջ Վահագնի զուգորդուող աստուածը Հերակլէս կը կոչուի: Սկանտինաւեան դիցաբանութեան մէջ Թորը, որ որոտումի աստուածն է, նոյնպէս առնչուած է Վահագնի:

Ագաթանգեղոս պատմիչ, Վահագնը «Վիշապաքաղ» կը կոչէ, իսկ Մովսէս խորենացի պատմահօր համաձայն, Վահագն որդին է Տիգրան Երուանդեանի: Ըստ Անանիա Շիրակացիի, Վահագն ասորիներու բարշամին հետ երկինքին մէջ կռուած է եւ անոր յարդը գողնալով՝ իր սենեակը բերած է: Ճամբուն վրայ, յարդէն մաս մը թափած է եւ «Ծիր կաթին»ը յառաջացած է անկէ: Ըստ աւանդութեան, այս պատճառով է, որ ծիր կաթինը «Յարդգողի ճանապարհ» կը կոչուի:

Վահագնի բագինը Աշտիշատի մէջ եղած է: Վահագնի աւանդութիւնը շարունակուած է նոյն շրջանին մէջ գտնուող Մարութայ Ս. Կարապետ վանքին մէջ:

Միհր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Միհրին կը համապատասխանեն Յունաստանի մէջ Հեփեստոսը, Հռոմի մէջ Վուլկանը, Իրանի մէջ Միթրան եւ Հնդկաստանի մէջ Ագնին:

Արեւը ո'չ միայն կեանք եւ կենդանութիւն կու տայ աշխարհին, այլ իբրեւ լոյս կը թափանցէ մարդոց հոգիներէն ներս եւ անոնց կեղծիքն ու խարդախութիւնը կը մերկացնէ, այդ ձեւով հանդիսանալով արդարութեան եւ ճշմարտութեան ջերմ պաշտպանը: Իբրեւ յարակից պաշտօն, արեւը կը հսկէ ուխտապահութեան վրայ եւ ուխտադրուժները կը պատժէ:

Միհրը, իբրեւ արեւի աստուած, վերոյիշեալ տուեալներով օժտուած էր եւ միաժամանակ էակից-գոյակիցն էր ահուրամազտային կամ հայկական Արամազդին:

Միհրին արձանը, որ Բագառիճ գիւղին մէջ կը գտնուէր, կը ներկայացնէր երիտասարդ մը, որ ցուլի մը վրայ բազմած է եւ գլուխը ծածկած է հայկական գլխարկով մը: Անոր մօտ կը գտնուի շուն մը, իսկ վերեւը՝ ձեռքին մէկը վեր, միւսը վար՝ երկու ջահեր բռնած երիտասարդ մը կայ: Իսկ անոր սրունքներուն օձեր եւ կարիճներ փաթթուած են:

Միհր անուան տարբերակաները կը փաստեն անոր լայն ընդհանրացումն ու ժողովրդականութիւնը. Միհր, Միր, Ամիր, Մեհեր, Մհեր, Մեր, Մեհ, Մարհ, Հայոց Մեհեկեան (Փետրուար) ամիսը, Մեհեան (տաճար) միայն նմոյշներ են այն բազմաթիւ յատուկ անուններէն, որոնք յառաջացած են Միհր անունէն:

Տիր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տիրը յունական Հերմէսին եւ Ապողոնին, Հռոմէական Մերքիւրիոսին եւ սկանտինաւեան Թիւրին կը համապատասխանէ: Ան եղած է Արամազդի քարտուղար-դպիրը եւ իբրեւ այդպիսին՝ գիտութեան, գրականութեան եւ դպրութեան աստուածը:

Տիրացու բառը, իբրեւ դպրութեան հետեւող մարդ, Տիր անունէն եկած է: Հայոց ապրիլ ամիսը՝ Տրէ կամ Տրեայ, յատուկ անուններ՝ Տիրան, Տիրատուր, Տիրայր, Տրդատ, տեղանուններ՝ Տիրառիճ եւ Տիրինկատար, դարձեալ անկէ յառաջացած են:

Իբրեւ Արամազդի քարտուղար կամ գրագիր, Տիր դարձեալ պատճառ կրնայ դարձած ըլլալ «գրողը տանի քեզ» ժողովրդային արտայայտութեան:

Այլ աստուածներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Իրարու սերտօրէն առնչուած այլ աստուածներ եւս գոյութիւն ունեցած են:

  • Ամենաբեղը՝ պտղաբերութեան, բերքահաւաքի եւ երկրագործութեան խնամակալ աստուածը եղած է: Ան է որ արտերը եւ այգիները ցրտահարութենէ, կարկուտէ եւ հեղեղներէ պաշտպանած է: Բերքահաւաքի ատեն, մեծ տօնակատարութիւններ կը կազմակերպուէին Ամենաբեղին զոհեր մատուցանելու եւ խրախճանք կազմակերպելու համար: Թագաւորը, իշխանները եւ ժողովուրդը այս հանդիսութեան ընթացքին խաղերու, մրցանքներու եւ զուարճութիւններու հանդիսատես կ'ըլլային: Տեղի կ'ունենային ձիարշաւ, անասուններու կռիւ եւ աղաւնիներու ազատ արձակում: Հանդիսութիւնները կը տեւէին Նաւասարդ ամսուան 1-էն մինչեւ 6: Նաւասարդը հայոց տարւոյն առաջին ամիսը ըլլալով, Ամենաբեղը փոխաբերաբար նաեւ Ամանոր կը կոչուէր: Տօնակատարութիւններու ընթացքին Տիգրան Գ.ի հրամանով շինուած հիւրանոցները կրնային պատճառ դարձած ըլլալ Ամենաբեղի երրորդ անուան. մեկնելով հիւրանոցի, ինչպէս նաեւ՝ խնամակալի գաղափարէն, Ամենաբեղ նոյնպէս կոչուած է Վանատուր, այսինքն՝ հիւրընկալ:
  • Հայերը ունեցած են նաեւ ստորերկրեայ դատարկութիւնը յատկանշող աստուածներ: Ըստ աւանդութեան, թաղուած մեռելները կ'երթային ստորերկրեայ դատարկութիւն, ուր անոնք կ'ենթարկուէին Սպանդարամետ աստուծոյ:
  • Գոյութիւն ունեցած են նաեւ բոլորովին օտարամուտ աստուածներ, որոնցմէ են Նապոգ եւ Բել, Ճիւաղ, Մաժան, Նառ եւ Հեպիտ:

Այս օտարամուտ աստուածները մինչեւ քրիստոնէական Ե. դարը արդէն մեր բառամթերքէն վերցուած են, սակայն նուազ աստուածային, միայն առասպելական բնոյթ կրող անունները ինչպէս՝ Տորք Անգեղ եւ Արամ, մնացած են, պարզ այն պատճառով, որ հայկական եղած են:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. "mythology". Online Etymology Dictionary
  2. Oxford English Dictionary, 3rd ed. "mythology, n." 2003. Accessed 20 Aug 2014.
  3. Hays, Gregory. "The date and identity of the mythographer Fulgentius" in Journal of Medieval Latin, Vol. 13, pp. 163 ff. 2003.
  4. Fulgentius Fabius Planciades (1971)։ Fulgentius the Mythographer։ Ohio State University Press։ ISBN 978-0-8142-0162-6 

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Հայ Եկեղեցագիտութիւն, Անթիլիաս 2006, Մանուշակ Պոյաճեան, էջ (13-էն 22)
  • The mythology of all races, v․ 1-12, Boston, 1916-1928; Levi-Strauss C․, Mythologiques, t․ 1-4, P․, 1964-1971;
  • Kirk G․ S․, Myth, its meaning and functions in ancient and other cultures, Berk-Los Angeles, 1970