Կամաւորներու Միջազգային Օր

Կամաւորներու Միջազգային Օր

Տեսակ Միջազգային օր
Ամսաթիւ 5 Դեկտեմբեր

Կամաւորներու միջազգային օր (5 Դեկտեմբեր), լրիւ անունը՝ Կամաւորներու միջազգային օր՝ յանուն տնտեսական եւ սոցիալական զարգացման (ՄԱԿ-ի լեզուներով. անգլերէն՝ International Volunteer Day (IVD) for Economic and Social Development, ռուս.՝ Международный день добровольцев во имя экономического и социального развития), հաստատուած է ՄԱԿ-ի կողմէ եւ 1985-էն կը հանդիսանայ միջազգայնօրէն յիշատակելի օր։ Կամաւորական կազմակերպութիւններուն եւ կամաւորներուն հնարաւորութիւններ կ՚առաջարկէ, որպէսզի անոնք տեսանելի դարձնեն տեղական, ազգային, միջազգային մակարդակներու վրայ կատարած իրենց ներդրումը։

Նախապատմութիւնը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կամաւորն տալիս է արիւն Աւստրալիայի մէջ միջազգային օրւա ժամանակին

Օրը հաստատուծ է 17 Դեկտեմբեր 1985-ին, ՄԱԿ-ի Գլխաւոր Ժողովի 40-րդ նստաշրջանի ժամանակ[1][2]: Այս որոշմամբ ՄԱԿ-ը կը ցանկայ նպաստել Հազարամեակի զարգացման նպատակներուն (MDGs) հասնելու համար կամաւորներու ներդրած ջանքերու ու անոնց գործունէութեան ճանաչելիութեան։

ՄԱԿ-ի բանաձեւերը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

17 Դեկտեմբեր 1985-ի 40/212 բանաձեւ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գլխաւոր Ժողով (ԳԱ) կառավարութիւններուն կ՚առաջարկէ ամէն տարի 5 Դեկտեմբերին նշել իբրեւ Կամաւորներու միջազգային օր՝ յանուն տնտեսական եւ ընկերային զարգացման, ինչպէս նաեւ կոչ կ՚ընէ միջոցներ ձեռք առնել՝ բարձրացնելու տեղեկացուածութիւնը կամաւորներու ծառայութեան, անոնց ներդրումներու կարեւորութեան մասին, այդպիսով շահագրգռելով աւելի շատ մարդոց կեանքի բոլոր ոլորտներուն մէջ իրենց կամաւորական ծառայութիւնը առաջարկելու համար՝ ինչպէս սեփական համայնքին, այդպէս ալ արտերկրին մէջ։

20 Նոյեմբեր 1997-ի 52/17 բանաձեւ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

ԳԱ-ն 2001-ը կը հռչակէ Կամաւորներու միջազգային տարի՝ նպատակ ունենալով նպաստել կամաւորներու ճանաչելիութեան, անոնց գործունէութեան հեշտացման, ցանցերու ստեղծման եւ կամաւորական ծառայութեան առաւելութեան ընդունման։

5 Դեկտեմբեր 2001-ի 56/38 բանաձեւ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

ԳԱ-ն կ՚ընդունէ շարք մը խորհրդատուական առաջարկներ՝ ուղիներու վերաբերեալ, որոնց օգնութեամբ կառավարութիւններն ու ՄԱԿ-ի համակարգը կը կարողանային աջակցիլ կամաւորութեան, եւ կը խնդրէ լայնօրէն տարածել այդ առաջարկները։

18 Դեկտեմբեր 2008-ի 63/153 բանաձեւ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

ԳԱ-ն կը սահմանէ, որ մօտաւորապէս 5 Դեկտեմբեր 2011-ին, Ժողովի 66-րդ նստաշրջանի երկու լիագումար նիստ պէտք է նուիրուին Միջազգային տարուան արդիւնքներուն, յետագայ գործունէութեանն ու անոր տասներորդ յոբելեանը նշելուն։

Համագործակցութիւն եւ զարգացում[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

ՄԱԿ-ի մանդատն ու աջակցութիւնը, կայացուցած որոշումը իւրայատուկ հնարաւորութիւն կը ստեղծեն կամաւորական կազմակերպութիւններու ու անհատներու համար, որոնք կ՚աշխատին կառավարական հաստատութիւններու, ոչ առեւտրային կազմակերպութիւններու, հասարակական խումբերու, գիտական օղակներու եւ մասնաւոր սեկտորի հետ։ Երկար տարիներ Կամաւորներու միջազգային օրը ունեցած է ռազմավարական նշանակութիւն. բազմաթիւ երկիրներու մէջ ուշադրութեան արժանացած են կամաւորներու ջանքերը աղքատութեան, սովի, հիւանդութիւններու, անգրագիտութեան յաղթայարման ու շրջակայ միջավայրի վատթարացման եւ անհանդուրժողականութեան դէմ պայքարին։

Դրական ձեռքբերումները հիմնականին արդիւնք են ՄԱԿ-ի, կառավարութիւններու, կամաւորական կազմակերպութիւններու ու նուիրեալներու միջեւ համագործակցութեան։ Անոր մաս կը կազմեն նաեւ ԶԼՄ-ներու ներկայացուցիչները, գիտական օղակները, հիմնադրամները, մասնաւոր սեկտորը, կրօնական խումբերը, մարզական ու ժամանցային կազմակերպութիւնները։

Ամէն տարի հազարաւոր կամաւորներ հաեմախմբելէն բացի, ՄԱԿ-ը գործարկած է Կամաւորներու ծրագիր, որ կ՚աշխատի գործընկերներու ու կառավարութիւններու հետ սերտ համագործակցութեամբ՝ կամաւորներու համար ազգային ծրագրեր, կառուցուածքներ ստեղծելու նպատակով, որոնք զգալի աջակցութիւն են ճշգրիտ երկիրներու կամաւորներու համար։

Առցանց կամաւորական ծառայութեան օգնութեամբ, կամաւորները կրնան մարդկային կայուն զարգացման նպատակով քայլեր ձեռնարկել՝ աջակցելով կազմակերպութիւններու գործունէութեան համացանցի միջոցով։

Օրուան յիշատակումը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Միջազգային այս օրը կը նշուի շարք մը ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու կողմէ, ինչպէս՝ Կարմիր Խաչի, սկաուտներու եւ այլոց։ Այն բազմաթիւ կազմակերպութիւններու անդամներու ու անհատներու համար կը հանդիսանայ տօն։ Օրը նշում եւ միջոցառումներուն կ՚աջակցին ՄԱԿ-ի կամաւորները[3]:

Իւրաքանչիւր տարի ՄԱԿ-ի Գլխաւոր քարտուղարը հանդէս կու գայ օրուայ խորհուրդին համապատասխան ուղերձով։

Այդ օրը հիմնական ուշադրութիւնը ոչ միայն կամաւորութեան տօնումն է՝ իր տարբեր տեսակներով, այլ նաեւ տեղական, ազգային ու համաշխարհային մակարդակներուն վրայ փոփոխութիւններու տանող հասարակական մասնակցութեան համար առանձնայատուկ երախտագիտութեան արտայայտումը։ Այդ օրը կ՚ընդգծուի կամաւորներու ջանքերը, որմով անոնք կը փորձեն մարդոց ներգրաւել որոշումներու կայացման մէջ՝ վերջնական արդիւնքով, մասնակցային միջավայրի ստեղծման, որ կը բերէ ուժեղ կառավարման, հասարակական համախմբուածութեան, խաղաղութեան եւ կայուն զարգացման։

Թեման[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տարի Թեմայ

(կարգախօս)

Պաշտօնական անուանումը անգլերէնով
2018 «Կամաւորները կը կառուցեն կայուն համայնքներ» Volunteers build Resilient Communities
2017 «Կամաւորները կը գործեն առաջինը: Այստեղ: Ամէնուրէք:» Volunteers Act First. Here. Everywhere.
2016 «Համաշխարհային ծափահարութիւններ. ձեռք մեկնեցէք կամաւորներուն» Global Applause – give volunteers a hand
2015 «Աշխարհը կը փոխուի: Իսկ դո՞ւն: Դարձի՛ր կամաւոր» The world is changing. Are you? Volunteer!
2014 «Մարդոց մասնակցութիւն. դարձիր կամաւո՛ր, փոփոխութիւնը դարձրուր իրականութիւն» People’s Participation. Make change happen, volunteer!
2013 «Երիտասարդ: Համաշխարհային: Աշխոյժ:» Young. Global. Active.
2012 «Տօնեցէք կամաւորութիւնը» Celebrate volunteering!
2011 «Կամաւորութեան էութիւնը. լուսաւորեցէք աշխարհը» Light-up our World
2010 «Կիսուեցէք պատմութեամբ. կամաւորութիւնը յանուն ՀԶՆ-ի» Volunteering for the Millennium Development Goals (MDGs)
2009 «Կամաւորութիւն յանուն երկրագունդի» Volunteer for the Planet

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]